2014-01-23 10:36:30

Միացեալ Նահանգներ` Հայկական երեք յարանուանութեանց Հոգեւոր Առաջնորդներու ժողով։


ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 15ի կէսօրին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երեք յարանուանութեանց շրջանիս հոգեւոր առաջնորդներուն միացեալ ժողովը՝ հիւրընկալութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Ներկայ էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան։
Նշենք, որ հերթական դրութեամբ տեղի ունեցող այս ժողովներուն, խորհրդակցութեան նիւթ կ՛ըլլան հայութեան կեանքն ու երեք եկեղեցիները յուզող հարցերը։
Չորեքշաբթի օրուան ժողովին քննարկուեցան յառաջիկայ Ապրիլ 24ին նախատեսուած եկեղեցական միացեալ արարողութիւններու ծրագիրը, որուն համար կազմուեցան ենթայանձնախումբեր, նաեւ՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ծրագիրները՝ իրականանալի 2015ին, միջեկեղեցական յարաբերութեանց ու գործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ գաղութը յուզող ու հայկական աւանդութեանց պահպանման վերաբերող նիւթեր։
Ժողովէն ետք, առաջնորդ սրբազանը ճաշով հիւրասիրեց մասնակից հոգեւորականները։








All the contents on this site are copyrighted ©.